(Ռատիօ Վատիկան) 5-8 Ապրիլ 2017-ին Հռոմի մէջ տեղի կ՛ունենայ ''Քրաքովիայէն` Փանամա. Սիւնհոդոսը երիտասարդներուն հետ ընթացքի մէջ'' խորագիրով միջազգային հաւաք մը, կազմակերպուած Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի ժողովի ու եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի քարտուղարութեան կողմէ, որով սկիզբ կ՛առնէ 2018-ի Հոկտեմբերին` Հռոմի մէջ նշուելիք երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ընթացքը։
Հաւաքին առթիւ կը ներկայացուի նաեւ Սիւնհոդոսի նախապատրաստական գործունէութեան ընթացքը։
Ուրբաթ` 7 ապրիլին, նախատեսուած է համերգ` մինչ շաբաթ 8 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան 5-էն 7ը Սանթա Մարիա Մաճճորէ Հռոմի Տիրամօր նուիրուած տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Մարեմեան Արարողութիւն, զոր պիտի գլխաւորէ Ֆրանչիսկոս Պապը, Լացիօ մարզի երիտասարդներու մասնակցութեամբ, առ ի պատրաստութիւն երիտասարդութեան համաշխարհային 32-րդ օրուան որ կը նշուի կիրակի 9 ապրիլին` ծաղկազարդի տօնին օրը։
All the contents on this site are copyrighted ©. |